in Russian – http://crossroadorg.info/abrahamyan-29-11-2018/
Նարեկ Աբրահամեան
Լիբանանի Հանրապետութեան պաշտօնաթող գեներալ,
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամավոր, Պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ ազգային անվտանգության հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ
29 նոյեմբեր 2018 թ.
Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածին
Զեկույց՝ «Կասպից Արեւմուտքում խաղաղության հաստատման հիմքերն ու ռեսուրսները» միջազգային համաժողովում
Բնականաբար Մեծ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանը, ինչպէս վաղ ժամանակներուն եղած է շրջանային եւ միջազգային ուժերու համար շատ կարեւոր աշխարհատարածք, երբ եղած է երկրագործութեան հիմնական տարածք, ընկալուած է որպէս սնունդի ռեսուրս, ինչպէս նաեւ առեւտուրի ճամբայ, նաեւ մշակոյթներու փոխհարաբերութեանց ու արշաւանքներու ճամբայ, միշտ եղած է, ինչպէս այսօր, գերպետութիւններու միջազգային ուժերու հետաքրքրութեան կեդրոն եւ շահերու բախման աղբիւր: Այդ պատճառով հակամարտող գերուժերը, միջազգային ուժերը, իրենց շահերը պաշտպանելու համար ունեցած են իրենց կողմնակիցները շրջանին մէջ՝ կամ համայնքային, կամ ազգային եւ կամ կրօնական դրութեամբ, եւ այդ հակամարտութեանց բեմ եղած է շրջանը, ինչպէս որ տեսանք շատ մօտիկ անցեալին եւ տակաւին նոյն խնդիրներուն մէջ ենք:
Մեծ Մերձաւոր Արեւելքի բնիկ ժողովուրդներու համագումարը, որ նպատակ ունի խաղաղ միջոցներով լուծելու շրջանի հակամարտութիւները, պիտի փորձէ նաեւ միջազգային ուժերէ դրական տրամադրուած հեղինակութիւններ ներառել համագումարի նախաձեռնութեան մէջ, որպէսզի համագումարը ունենայ դրական ուժի կարելիութիւններ: Ան նաեւ կը միտի ըլլալ բարձր մակարդակի, այսինքն՝ շրջանի համայնքապետերու մակարդակով, նախագահներու մակարդակով, որպէսզի իր ծանրակշիռ ներդրումը ունենայ շրջանի խնդիրները լուծելու հարցերու մէջ: Մենք՝ հայերս ըլլալով եւ շրջանի, եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, կարեւոր դեր ունինք միացնելու այս ժողովուրդներու, այս ուժերու կամքը այս համագումարին, որպէսզի կարենանք մեր շահերը եւ մեր իրաւունքները վերականգնել եւ մեր իրաւունքներու վերականգնումով ըլլալ խաղաղութեան պատգամաբերը շրջանին մէջ, եւ ընդհանրապէս բոլոր երկիրներուն համար: Ատոր համար ընտրուած վայրը՝ Պէյրութը պիտի ունենայ մեծ կարեւորութիւն ապագայի անցուդարձերուն վրայ: Ասի ուրեմն առիթ մըն է կամ դրական ուղութեամբ շարժելու, կամ ալ մնալու այն խնդիրներուն մէջ, որ այսօր կան եւ աւելի վատթարանալու տուեալներ ունին շրջանին մէջ:
Այս համագումարի յաջողութեամբ՝ մենք բնիկները եւ փոքրամասնութիւնները ապահոված կըլլանք, մեր իրաւունքները ապահոված կըլլանք, մեր գոյութիւնը շրջանին մէջ, ապա թէ ոչ, եթէ հակառակ ուղղութեամբ շարժի շրջանը եւ միջազգային ուժերը, բնիկները եւ փոքրամասնութիւնները նոր սպառնալիքներու առջեւ պիտի կանգնին շրջանին մէջ, եւ նմանապէս մենք պիտի ունենանք ապագային լուրջ խնդիրներ մեր սահմաններուն վրայ:
Յուսանք, որ այս համագումարը արագ իրականութիւն կը դառնայ եւ շատ արագ դրական արդիւնքներ կ’արձանագրէ: