in Russian – http://crossroadorg.info/14-6-2025/
Քաղաքական Հարթակ
Սփիւռքի Ղեկավարութեան Տագնապ
Վիգեն Թոսունեան
«Պայքար» շաբաթաթերթ, յունիս 8, 2025, թիւ 23 (428)
Վերջին տարիներուն Սփիւռքի մէջ ականատես կը դառնանք փոխուող պայմաններու բոլոր մարզերուն մէջ ու բոլոր մակարդակներու վրայ: Կը նկատուի պարապ մը հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու որոշում կայացնող ղեկավարութեան մէջ: Սփիւռքի մէջ մեզի կը պակսին տուփէն դուրս մտածող ղեկավարներ, բանիմաց, լայնախոհ, իրատես եւ ապագայատեսիլ, ռազմավարական մտածողութեան տէր: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. ահազանգ հնչեցուց, երբ յայտարարեց «Սփիւռքի տարի»ն ու յայտնեց իր մտավախութիւնը դէպի ուծացում ուղղուող Սփիւռքի պայմաններէն:
Սփիւռքի փոխուող պայմանները պէտք ունին հեռատես ու գործնական ղեկավարներու: Սակայն, դժբախտաբար Սփիւռքի քաղաքական ու մշակութային կառոյցներուն մեծ մասը չըսելու համար բոլորը տակաւին կ’աշխատին հին ժամանակներու պայմաններով առանց մեծ աշխատելաոճի փոփոխութեան:
Ռազմավարական որոշումներ կայացնելու ժամանակը հասած է Սփիւռքի մէջ: Սակայն, այն բացը որ գոյութիւն ունի ներկայ պայմաններուն մէջ պէտք ունի ռազմավարական որոշում կայացնող ղեկավարութեան: Քիչ թիւով ղեկավարներ կան Սփիւռքի մէջ որոնք ունին պէտք եղած գիտելիքը եւ աշխատանքի ոճը յառաջ մղելու համար այն անղեկ առագաստանաւը որ կը կոչուի Սփիւռք:
Ի՞նչ են պատճառները այս բացին որ գոյութիւն ունի ղեկավարութեան մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է լուծել այս թնճուկը: Ինչպէ՞ս կարելի է թարմացնել եւ վերանորոգել Սփիւռքի կառոյցներու ղեկավար կազմը: Ինչպէ՞ս կարելի է նուազեցնել այն բացը որ գոյութիւն ունի կազմակերպութիւններու եւ գաղութի անդամներուն միջեւ:
Միասնականութեան հարցը միշտ օրակարգի վրայ եղած է Սփիւռքի ներքին եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց մակարդակներով: Իրականութեան մէջ եւ իրապաշտ ըլլալու համար միասնականութեան իտէալական աստիճանին բնաւ չենք հասած, այլ միշտ եղած է բաց մը մեր նպատակին եւ արձանագրուած իրական մակարդակին միջեւ: Պատճառները քննելի են եւ ուսանելի:
Փոխուող պայմաններ
Հայ ժողովուրդի իր հայրենիքէն բռնի տեղահանութենէն ետք կազմուեցաւ Սփիւռքը: Եկեղեցիի, դպրոցի, ակումբի, մամուլի եւ այլ միութիւններու կազմակերպումէն ետք երկրորդ փուլն էր Ի.դարու 50-ական թուականներուն այդ կառոյցներուն մէջ փոխուող պայմաններու հետ քայլ պահելու քաղաքականութեան որդեգրումը որ դժբախտաբար չընթացաւ պէտք եղած արագութեամբ: Փոփոխութեան դէմ կատարուած ընդդիմութեան եւ կամաց աշխատանքի պատճառով: 80-ական թուականներուն վրայ հասաւ Համաշխարհայնացումի շարժումը որու հիմնական նպատակներէն մէկն էր հաստատել միադէմ համաշխարհային մշակոյթ մը, բոլոր ինքնուրոյն մշակոյթները համարկելով (integrate) մէկ համաշխարհային մշակոյթի մէջ: Հոս արդէն մարտահրաւէրը շատ մեծ էր ու հայ մարդը եւ միութիւնը սկսան թուլութեան նշաններ ցոյց տալ: Նահանջեցին հայերէն լեզուն, մշակոյթը, Եկեղեցին ու հայ ընտանիքը: Արագ փոփոխութիւն պէտք է կատարուէր այդ ժամանակաշրջանին: Ընդհանուր առմամբ կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնը չունէր պէտք եղած ներուժը կատարելու պէտք եղած փոփոխութիւնը քալյ պահելու համար համաշխարհայնացումի մարտահրաւէրին հետ: Առնուած քայլերը անբաւարար էին այդ շարժումին դէմ դնելու համար: Արդիւնքը հազրաւոր հայ երիտասարդներու ուղղուիլն էր դէպի օտար աւելի գրաւիչ շրջանակներ, ուսումի եւ ընկերային մակարդակներու վրայ:
Հայկական կազմակերպութիւններու կառոյցները տակաւին պէտք եղած փոփոխութիւնը չէին կատարած քայլ պահելու համար փոխուող պայմաններուն հետ: Անոնք հայ մարդուն հետ տակաւին կը վարուէին Ի.դարու երեսունական կամ 40-ական թուականներու պայմաններէն ելլելով: Երիտասարդը սկսաւ հեռանալ հայկական կառոյցներէն, որովհետեւ իրեն մտիկ ընող կ’ուզէր ու փոխելու ներուժ ունէր, մինչ կառոյցները չկրցան պէտք եղած դրականութիւնը ցոյց տալ այդ պահանջին: Լեզուի ուսուցումի պայմանները պէտք է փոխուէին ու նոր մեթոտներ պէտք է օգտագործուէին, սակայն, ընդհանուր փոփոխութիւնը կաղաց ու արդիւնքը եղաւ յաւելեալ հայ ուսանողներու հեռանալը հայ վարժարանէն ըստ ծնողքին, «չծանրաբեռնելու» համար աշակերտը:
Շատ մը կազմակերպութիւններ տակաւին կ’ապրին անցեալի վաստակի հաշւոյն, Ի.դարու սկզբնական շրջանի գաղափարախօսութեամբ ու աշխատանքի ոճով: Նորը հաստատելու ոչ նպատակ կայ ոչ ալ միտք: Այս է իսկական հարցը: Նոյնիսկ տակաւին կրթական մարզի կառոյցներ կան որոնք կը հաւատան, թէ հայ ուսանողը պարտաւոր է հայկական վարժարան յաճախելու նոյնիսկ եթէ անոր մակարդակը սկսած է անկում արձանագրել: Այս կաղապարուած մտածելակերպն է որ իրականութեան մէջ վնասեց Սփիւռքին: Հայ մարդը մտիկ չընելու վատ սովորութիւնը եթէ չփոխուի այս անկումային ընթացքը պիտի շարունակուի: Հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտութեան թիւի նուազումը առնչուած է այս մտիկ չընելու գաղափարին հետ:
Ռազմավարական հարցեր
Ռազմավարական (strategic) հարցեր լուծելու ղեկավարութեան բաց կայ Սփիւռքի մէջ: Հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ռազմավարական հարցեր որոնց շուրջ որոշումի կայացումը պէտք ունի պատրաստուած ու հեռատես ղեկավարութեան: Հայ դատը, հայերէն լեզուի ուսուցումը, երիտասարդութեան ընդգրկումը միութենական կառոյցներու մէջ, կազմակերպութիւններու միջեւ յարաբերութիւնը, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնը եւ շատ մը այլ հարցեր պէտք ունին արթուն, հեռատես ու լայնախոհ ղեկավարութեան: Այդ ղեկավարութեան մակարդակի անկումն է որ Սփիւռքը հասցուց այս օրուան: Հայ դատը յառաջ տանելու մէջ մենատիրութիւն մը կայ Սփիւռքի մէջ: Ցարդ արձանագրուած արդիւնքը անգոհացուցիչ է, որովհետեւ աշխատանքը մէկ կառոյց ստանձնած է առանց կարծիքը առնելու մնացեալ հայկական կազմակերպութիւններուն: Այս է պատճառը որ 1970-ական թուականներէն սկսեալ հայկական իրականութեան մէջ սկսան երեւիլ նոր քաղաքական հայ դատի պահանջատիրութեան ուղղութիւններ, սկսելով Գաղտնի բանակէն մինչեւ Տարագիր Հայութեան Քոնկրէս: Մենատիրական համակարգին մերժումը գործակցիլ իրմէ դուրս որեւէ հայկական կառոյցի հետ հիմնական պատճառն է Հայ դատի աշխատանքի ձախողութեան: Երբ չկայ թեզ ու հակաթեզ, մենք կ’ունենանք ինչ որ ունինք այսօր՝ սրտցաւ հայ մարդուն մտիկ չընող ու իր կառքը առջեւ տանող ձախողած Հայ դատի պահանջատիրութեան համակարգ մը: Փաստերը կը խօսին:
Նոյն մտիկ չընելուն գինը վճարեցինք հայ վարժարանի աշակերտութեան թիւի նուազումի պարագային: Երբ ազգային վարժարանին մէջ նշանակեցինք պէտք եղած ուսուցումի մակարդակ չունեցող ուսուցիչներ մեզի ազգական ըլլալուն կամ կուսակցութեան մը պատկանելուն համար: Հայ ծնողքը կ’ուզէ իրեն մտիկ ընող մարդիկ հայկական վարժարանին մէջ: Երբ իր դիմաց կը գտնէ կոշտ վերաբերում ան ինքնաբերաբար զաւակը կը ղրկէ այլ վարժարան:
Սփիւռքի մէջ կեդրոնական համակարգող կառոյցի մը բացակայութիւնը ամենամեծ արգելքն է անոր զարգացումին առջեւ: Եթէ կ’ուզենք զարգացնել Սփիւռքը, պէտք է հաստատենք այդ կառոյցը ուր պիտի աշխատին բոլոր կազմակերպութիւնները, միութիւնները եւ այլ կառոյցները: Մենատիրութիւնը միայն վնաս հասցուց Սփիւռքին: Ժամն է որ զարգացնենք Սփիւռքի կառոյցները կարենալ քայլ պահելու համար մեր օրերու բոլոր մարտահրաւէրներուն հետ:
Ղեկավարութեան տագնապ
Ըստ Դոկտ.Հրաչ Չիլինկիրեանի, Սփիւռքի մէջ կայ կապի խզում ղեկավարութեան ու անոնց ղեկավարած համայնքներուն միջեւ: Գիտական ձեւով կատարուած հարցախոյզները այդ հարցը կը փաստեն: Կայ խզում ղեկավարութեան մտածելակերպի եւ համայնքի անդամներու մեծամասնութեան միջեւ: Այսօր կուսակցականները կը կազմեն փոքր տոկոս մը հայ բնակչութենէն: Քաղաքական կազմակերպութիւն մը չի կրնար իր կամքը պարտադրել մեծամասնութեան վրայ առանց մտիկ ընելու, քննարկելու եւ համոզելու: Այս հարցը հիմնական է յաջողցնելու համար Սփիւռքի կառոյցներու աշխատանքը համայնքներուն մէջ: Արդեօ՞ք ժամանակին աւելի լսող ղեկավարութիւն կար: Շատ հաւանաբար այո: Ուրեմն, ժամն է որ ղեկավարը լսել գիտնայ ու չաշխատի ինք իր համոզումներով միայն: Հայ մարդը իմ անձնական փորձառութենէս մեկնելով ճիշդ է որ իտէալիսթ է, սակայն նաեւ յարգել գիտէ, քաղաքավար է: Չուզեր որ մէկը զինք շրջանցէ, իրեն անտրամաբանական կարծիք պարտադրէ: Հոս է որ կու գայ ղեկավարի բացակայութեան տագնապը:
Նոր եւ գիտակից սերունդ դաստիարակելն ալ հիմնական նպատակներէն մէկն է ղեկավարութեան: Աթոռներուն կառչած մնալը ու նոր սերունդի գիտակից տղոց ու աղջիկներու դաստիարակելու բացակայութիւնը ապագային ստանձնելու համար ղեկավար պաշտօններ հիմնական տագնապներէն մէկն է Սփիւռքին: Լայնախոհ, ուրիշը մտիկ ընող եւ մտաւոր մեծ ներուժ ունեցող երիտասարդ տղոց ու աղջիկներու ընդգրկումը հայկական կառոյցներուն մէջ հիմնական նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ Սփիւռքի ներկայ ղեկավարութեան: Մենատիրական ու ուրիշը մտիկ չընող մտածելակերպն է որ տկարացուց Սփիւռքը: Փաստերը յստակ են:
Միասնականութեան կոչեր
Միասնականութիւնը միշտ եղած է օրակարգի վրայ Սփիւռքի մէջ աշխատող հայկական կառոյցներու ներքին եւ Հայաստանի հետ յարաբերութեան մէջ: Հայաստանի հանրապետութիւնը 1991-ին իր հիմնադրութենէն ի վեր շատ քիչ պարագաներուն մտիկ ըրած է Սփիւռքի կառյցներուն Հայ դատի կնճռոտ հարցի պարագային: Միշտ առած է որոշումներ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութեան մէջ առանց Սփիւռքի կառյցներուն կարծիքը առնելու: Հոս չենք կրնար այպանել միայն Հայաստանի հանրապետութեան ղեկավարութիւնը: Երբ չկայ Սփիւռքը ներկայացնող միացեալ կառոյց մը Հայաստան չի կրնար մտիկ ընել միայն անհատ կազմակերպութիւններու: Մեր խօսքը լսելի դարձնելու համար պէտք է միաւորուինք Սփիւռքի միացեալ կառոյցի մը շուրջ:
Լիբանանի վերջին քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնը ամենամեծ փաստն էր Սփիւռքի մէջ եղող միասնականութեան պատին մէջ գտնուող ճաթռտուքներուն: Լիբանան ըլլալով կորիզային երկիր մը Սփիւռքի հայութեան մակարդակով, այդ երկրին մէջ հայկական կազմակերպութիւններու միջեւ յարաբերութիւնը նմոյշ մըն է Սփիւռքի մէջ կազմակերպութիւններու միջեւ յարաբերութեան: Շրջանի մը մէջ ուր կը գտնուին հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու համակիրներ, կուսակցութեան մը իր թեկնածուներու պարտադրութիւնը վնաս հասցուց այդ միասնականութեան լոզունգին: Ժամանակները փոխուած են: Հին ձեւերով աշխատանքը վնաս պիտի հասցնէ միասնականութեան: Ուրիշը մտիկ ընելու, տրամաբանելու, երկխօսութիւն կատարելով որոշում կայացնելու ժամանակը հասած է: Այս մտածելակերպէն դուրս որեւէ մտածելակերպ պիտի տկարացնէ մեզ որպէս Սփիւռքի մարմիններ ու զայն տանի դէպի ուծացում ու թուլացում:
Օգտագործուած աղբիւր.
1.Սփիւռքի Մեծ Բացական՝ Ղեկավարութիւն, Դոկտ.Հրաչ Չիլինկիրեան, darperag21.net կայքէջ